BACK TO AYF WEST HOMEPAGE
Youtube RSS Feed

Վերածնունդ Հայոց Աշխարհին

June 29, 2011 by Verginie Touloumanian  
Filed under Diaspora

Print This Post Print This Post    |   


Monument commemorating the 50th anniversary of the Armenian genocide in Lebanon. Symbolizes the rebirth of the Armenian Nation.

Ամէն տարի Զատիկի օրը ընտանիքներ քով-քովի գալով կը նշէն ու կը յիշէն Յիսուսի Յարութիւնը: Հայ ընտանիքը այս տարի Ապրիլ 24-ին պիտի յիշէ Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը եւ ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ-ու-կէս միլիոն Հայ նահատակներու վերածնունդը:

Երկար  դարեր շարունակ Հայը ենթարկուած է կոտորածներու, հալածանքներու եւ ապրած է ուրիշին տիրապետութեան տակ: Սակայն, այս բոլոր դժուարաթիւններով հանդերձ, ոչ մէկը յաջողած է մեզ հայ ըլլալէ դադրեցնելէ եւ հեռացնել մեզ մեր կրօնքէն: 1915-ին Թուրք կառավարութիւնը կանխամտածուած ծրագրեց ու գործադրեց մէկ-ու-կէս միլիոն անմեղ հայերու տեղահանումն ու ցեղասպանութիւնը: Այդ անմարդկային ոճրագործութիւններէն ետք հայ ազգին սիրտերը խոցուեցան ու շարունակաբար սգացինք:

Դարերու կորուստները արիւնը, ցաւերն ու արցունքները թող այս Ապրիլ 24-ին քարանան:

-Յիշենք որ Թուրքը չարաչար ձախողեցաւ մէկ հայ իբր նմուշ թանգարանը ցուցադրելու:

-Յիշենք որ ունինք գերիշխան պետութիւն:

-Յիշենք որ ունինք նաեւ հզօր Սփիւռք:

Յիշելով այս նուաճումները հայերը իրենց միասնական ուժերով ու զօրաւոր կամքով պէտք է վեհանձնութեամբ նետուին հայ դատի պայքարի դաշտ: Հայերը այս տարի պէտք է վերահաստատէն իրենց նպատակը ու հաստատ քայլերով պայքարին անոր յաջողութեան:

Այս վերածնունդ է, որպէսզի հայը սորվի ու արժեւորէ անցեալը ու ձգտի կերտելու ապագան:  1920-ական թուականներուն Թեհլիրեաններու ու Շիրակեաններու պէս անձնուրաց հայեր հարուածեցին ցեղասպան կազմակերպողներուն ճակտէն: Տարիներ ետք Թեհլիրեաններու արժանի ժառանգորդները փամփուշտներու գոռոցն ու ռումբերու պայթումի ձայները խուլ ականջները բացին ու արձագանքեցին աշխարհի 4 կողմը:

Այսօ’ր  հայերը զինուած են իրենց իրաւունքներուն վերատիրանալու կամքով, չեն մոռցած իրենց նախահայրերուն կտակն ու պատգամը եւ գիտեն թէ նպատակ մը ձգտելու համար պէտք է պայքարին:

-Թո’ղ այս վերածնունդի օրը հայ աճիւններուն յաւերժական հանգստութիւն ննջէ, գիտնալով թէ Հայ երիտասարդը հաւատքով, կամքով, ու զօրաւոր քայլերով կ’առաջնորդէ հայ դատը հասցնելու իր նպատակին:

-Թո’ղ այս վերածնունդը առիթ ընծայէ վերանորոգելու մեր ուխտը եւ այս նոր թափով պայքարինք աշխատանքով, գրիչով, դիւանագիտութեամբ եւ ուսումով:

-Թո’ղ այս վերածնունդի շրջանին արդարութեան բազուկը հարուածէ ցնցելով ամբողջ աշխարհը:

-Թո’ղ արդարութեան բազուկը քանդէ կաշկանդող բոլոր շղթաները:

-Թո’ղ հարուածէ արդարութեան բազուկը կուլ տալու բոլոր այդ արգելքները որ կը բաժանէ հայ ազգը իր երթէն:

Յիշենք ու անպայման յարգանք մատուցանենք մեր գլխատուած մեծ հայրերը, բռնաբարուած մայրիկներ, հրկիզուած որբերը ու խեղդուած կոյսերը: Բայց նաեւ յիշենք որ իբր առաջին Քրիստոնէութիւն կրօնքը ընդունած երկիրը մենք միշտ ունեցած ենք հաւատք եւ հաւատանք ու ապաւինենք մեր ուժերուն կերտելու Հայոց Աշխարհի Սուրբ Երազ:

Օրինակ առնենք Առիւծ Մհերներէն, Վարդան Մամիկոնեաններէն, Գէորգ Չաւուշներէն, Թեհլիրեաններէն, Լիզպոնի 5 տղոցմէ, Վիգէն Զագարեաններու եւ Սուրբ պայքարի ճամբուն վրայ ինկած մեր ազգի հերոսներէն: Այս հերոսներն ու մեր նահատակները դեռ կը գոռան ու վրէժ կը պահանջէն իրենց գերեզմաններէն: Բայց, իւրաքանչիւր նահատակի ցաւը ու խոր վէրքը պէտք է մեզի շունչ տայ, մեր սրտի տրոփումը դառնայ եւ խօսքի ու գործի վերածուի մեր ընդմէջէն: Մեր նահատակներուն ձայնը բարձրացնենք որպէսզի պատռենք խուլ ականջները աշխարհին լսելի դարձնելու մեր կանչն ու պահանջքը:

Ինչպէս Յիսուս Քրիստոս հանգստացաւ ու Յարութիւն առնելով արժանացաւ երկնքի արքայութեան, թող հայ աշխարհի նահատակները հանգստանան թէ հայ ազգը կը յիշէ իրենց նախնիներուն կտակը, կ’ուխտէ հաւատարիմ մնալ եւ անոր համար պայքարիլ: Թո’ղ անոնց հոգին բարձրանան երկինք ինչպէս եռագոյն դրօշակը որ վաղ թէ ուշ պիտի բարձրանայ Արարատի գագաթին:

Series Navigation«FOUR YEARS LATER: The Assassination of a Journalist in Turkey


Speak Your Mind

Tell us what you're thinking...
and oh, if you want a pic to show with your comment, go get a gravatar!

    Copyright © 1979-2012 · All Rights Reserved · HAYTOUG is the official publication of the Armenian Youth Federation Western United States

    Powered & Managed by: VIBSCO 

    · Log in